2013-02-25 13:21:07

Նիճերիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ 2013-ի Առաջին Միջկրօնական Ժողովը` Մահմետական Ու Քրիստոնեայ Հոգեւորականներու Մտահոգութիւններն Ու Վախերը։


Նիճերիոյ միջկրօնական խորհուրդը իր մտահոգութիւնը յայտնած է ի տես անմեղ բազմաթիւ հոգիներու կեանքերու եւ ինչքերու կորուստին ահաբեկչութեան, անհանդրժողութեան, վանտալիզմի եւ միջ-համանքային ընդհարումներու պատճառաւ։
Նիճերիոյ միջկրօնական խորհուրդը կազմուած է 25 քրիստոնեաներէ ու 25 մահմետականներէ։ ''Ոչ մէկ կրօնք կը դասաւանդէ բռնութիւնը։ Մարդկային կեանքը նուիրական է եւ միշտ պէտք է պաշտպանուի'' կը կարդանք միջկրօնական խորհուրդի յայտարարութեան մէջ։
Յայտարարութիւնը կը մատնանշէ որ հաւասարութիւնը եւ արդարութիւնը պէտք են ծառայել որպէս խաղաղութեան հիմք` համայն Նիճերիոյ ընկերութեան։
Խորհուրդը կոչ կ'ուղղէ ազգային խորհուրդին որ աշխատի ազգային շահերուն համար եւ պայքար մղէ աճող կաշառակերութեան եւ աղքատութեան դէմ ու նոր սերունդին գործ հայթայթեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.